2013-10-22 14:03:04

''Կարելի չէ միայն իմացականութեամբ զԱստուած ճանչնալ''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր այսօրուայ քարոզին մէջ։


Երեքշաբթի, 22 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 7-ին, Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը իր քարոզը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ ''խոկում, մօտիկութիւն եւ առատութիւն''։
Կարելի չէ զԱստուած ճանչնալ միայն իմացականութեամբ -ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու Անոր խորհուրդին մէջ մտնելու համար հարկաւոր է '''Խոկում, մօտիկութիւն եւ առատութիւն''։ Փրկչագործութեան խորհուրդը կը հասկցուի միայն ծունկի կատարուած խոկումով, որովհետեւ իմացականութիւնը կարող չէ բացատրել խորհուրդ մը։
Երկրորդ բառը մօտիկութիւն է։ Մարդ մը մեղք գործեց եւ ուրիշ մարդ մը մեզ փրկեց։ Աստուած մեզի մօտիկ է - մօտիկ է մեր պատմութեան։ Առաջին օրէն Ան իր ժողովուրդին հետ միասին քալեց։ Աստուած մուտք կը գործէ մեր կեանքէն ներս, կը մօտենայ մեր վէրքերուն եւ զանոնք կը բուժէ իր ձեռքերով, եւ որպէսզի ձեռքեր ունենայ, Ան մարդեղազաւ։ Մօտիկութիւն ուրեմն։ Աստուած մեզ չի փրկեր հրովարտակով այլ քնքշութեամբ, սիրով եւ իր կեանքը տալով մեզի համար։
Երրորդ բառը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - առատութիւնն է, հոն ուր մեղքը առատ էր կրկնակի առատ եղան շնորհքն ու սէրը։ Աստուծոյ շնորհքը միշտ յաղթական է։ Ասոր համար Ան մօտիկ է մեղաւորներուն։ Զիրենք կը փնտռէ զանոնք բուժելու համար, որովհետեւ առողջները բուժումի կարիք չունին։ Աստուած միշտ յաղթական է, իր շնորհքի առատութեամբ եւ իր անսահման ողորմութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.